2010-12-03 12:53:39

Օսսէրվաթորէ Ռոմանօ` Վատիկանի Կիսապաշտօն Օրաթերթը կը Տօնէ Իր 150րդ Տարեդարձը


Օսսէրվաթորէ Ռոմանոյի 150րդ տարեդարձի առթիւ հինգշաբթի 2 դեկտեմբերին Սուրբ Աթոռի մօտ՝ Ւտալական Դեսպանատան մէջ, տեղի ունեցաւ ներակայացումը ՜՜Յատուկ Պարբերաթերթ. Օսսէրվաթորէ Ռոմանոյի 150րդ տարեդարձը՝՝ հատորին` որուն հեղինակներն են Ճովաննի Մարիա Վիան եւ Անթոնիօ Զանարտի Լանտին։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ արտգործ նախարարը` Տիար ֆրանքօ ֆրադդինի եւ Ճաննի Լէթթա` Իտալիոյ կառավարութեան ենթաքարտուղարը։ Ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ Նախագահ Տիար Ճորճիօ Նաբոլէթանոն։

Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանը՝ Անթոնիօ Զանարտի հատորին հեղինակներէն մին՝ յատարարած է թէ՝ այս հրատարակութիւնը կ՛ուզէ հանդիսանալ ՜՜մեկնակէտ մը աւելի խոր եւ լրացուցիչ ուսումնասիրութեան մը որ քննարկէ պարբերաթերթի ընթացքը ու անոր ունեցած ազդեցութիւնը Իտալիոյ մշակութային եւ քաղաքական բանավէճերէն ներս։

Միւս կողմէն՝ նախարար ֆրադդինի ընդգծած է ՜՜Օսսերվաթորէն աւելի մեծ ծաւալ ունեցող պարբերաթերթ մըն է ու Ռոմանօ -այսինքն Հռոմ քաղաքի- հորիզոններէն աւելի անդին կ՛երթայ ու կ՛ընդգրկէ համայն աշխարհը։ Ան չի ներփակուիր միայն Կաթողիկէ աշխարհի կեանքէն ներս այլ կը ներկայացնէ այժմէական եւ արդի թերթ մը ։
Իսկ նախարար Լէթթա յայտնեց թէ Օսսէրվաթորէ Ռոմանոն իւրայատուկ թերթ մըն է որ իր հայեացքը ուղղած է լայնածաւալ հանրութեան եւ չի սահմանափակուիր ՜՜ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ ընկերային մարզերու՝՝ մէջ։

Ճիովաննի Մարիա Վիան` Օսսէրվաթորէ Ռոմանոյի տնօրէնը եւ հատորին հեղինակը` իր ներածականին մէջ կը ներկայացնէ պարբերաթերթին պատմութիւնը մինչեւ այսօր ու կը շեշտէ անոր ՜՜միջազգային բնոյթը՝՝ խօսելով անոր մէջ քննարկուած նիւթերուն ինչպէս` տնտեսութիւնը, մշակութային տեղեկութիւններ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւնը, էքիւմէնիք շարժումի այժմէականութիւնը եւ Հրեայ ու այլ կրօններու հետ երկխօսութիւնը։

Հատորին մէջ հրատարակուած են ՜՜Օսսէրվադորէ Ռոմանոյի՝՝ պատմութեան մասին իտալացի պատմագէտներու զանազան անտիպ յօդուածներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.